Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Մարթին Զոնեպըրնը

August 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 օգոստոսին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարթին Զոնեպըրնի գլխաւորութեամբ, որ Հայաստան կը գտնուի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին Արցախի եւ Եւրոպական խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան` հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական կառոյցներու հետագայ ամրապնդման ծիրին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Արցախի Հանրապետութեան հետ Եւրոպական խորհրդարանի համագործակցութիւնը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման առումով` լուսարձակի տակ առնելու Արցախի մեկուսացումը` իբրեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջոց օգտագործելու Ազրպէյճանի քաղաքականութեան անընդունելիութիւնը:

Հիւրերուն խնդրանքով Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, յատկապէս ընդգծելով Արցախի միջազգային ճանաչումն ու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ պետականաշինութեան հոլովոյթին` նախարար Մայիլեան ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հաւատարմութիւնը` անկախ պետականութեան ամրապնդման նկատմամբ, որ հիմնուած է ժողովրդավարական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն վրայ:

Հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են նման այցելութիւններուն կարեւորութիւնը Արցախի Հանրապետութեան եւ եւրոպական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման առումով:

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ Հայ դատի եւրոպական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցած Է Մարտ 1-ի Զոհերուն Հարազատներուն Հետ

Յաջորդը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջին Եռեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.