Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պելճիքայի կրան փրիին յաղթականը հռչակուեցաւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել:
«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ռետ-Պուլ»-ի ներկայացուցիչ Մաքս Վերսթափեն:
Առաջին լեփին տեղի ունեցաւ բաւական զօրաւոր եւ մեծ բախում մը աւելի քան չորս ինքնաշարժներու միջեւ, բայց եւ այնպէս անոնց վարորդներէն ոչ մէկը վիրաւորուեցաւ:
Հակառակ երկրորդ դիրքը գրաւելուն, Հեմիլթըն վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 231 կէտով: Երկրորդ դիրքին վրայ է Վեթել (214 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ «Ֆեռարի»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (146 կէտ):




