Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուժի Մէջ Մտած Է Ռուսիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Առաջին Մասը

August 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ուժի մէջ մտան Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի հաստատած նոր պատժամիջոցները, որոնք առնչուած են 4 մարտին Բրիտանիոյ Սալզպըրի քաղաքին մէջ ռուս նախկին լրտես գնդապետ Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի թունաւորման հարցով Ռուսիոյ հասցէին կատարուող ամբաստանութեան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Ռուսիա այդ ձեւով խախտած է Քիմիական եւ կենսաբանական զէնքի նկատմամբ հսկողութեան եւ ատոր զինուորական կիրարկման արգիլման մասին 1991-ի ամերիկեան օրէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը:

8 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած էին, որ պատժամիջոցներու առաջին մասը կը վերաբերի Ռուսիոյ երկակի նշանակութեան արտադրութեան մատակարարման, Ռուսիոյ ամէն տեսակ «զգայուն» ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու արտածման, որոնք առնչուած են Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան ոլորտին, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային իրերու, քարիւղի ու կազի բնագաւառի ճարտարագիտութեան մատակարարումներու արգիլման:

Օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ մօտաւորապէս երեք ամիս ետք շատ աւելի լուրջ պատժամիջոցներու կիրարկման սպառնալիք: Սահմանափակիչ միջոցներու երկրորդ մասը կը նախատեսէ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցում կամ նոյնիսկ լիակատար դադրեցում, փաստօրէն դէպի Ռուսիա ամերիկեան բոլոր ապրանքներու արտածման արգելք, բացառութեամբ պարենամթերքի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռուսական ապրանքներու ներածման արգելք, ներառեալ քարիւղը, Միացեալ Նահանգներու մէջ  Ռուսիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող որեւէ օդանաւային ընկերութեան օդանաւի վայրէջքի արգիլում, Ուաշինկթընի կողմէ միջազգային ելեւմտական կազմակերպութիւններու գծով Մոսկուային տրամադրուող վարկերու արգիլում:

 

Նախորդը

Էրտողան 7 Սեպտեմբերին Կ՛այցելէ Թեհրան` Փութինի Եւ Ռուհանիի Հետ Բանակցելու Նպատակով

Յաջորդը

Իրան Եւ Սուրիա Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքած Են

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.