Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին ընթացքին արտասանուած քարոզին մէջ հաստատեց, որ այս տօնը Լիբանանի մէջ կարեւորութիւն պէտք է ստանայ այն իմաստով, որ լիբանանցի պատասխանատուները իրենց անձնական շահերը փոխարինեն Լիբանանի շահերով:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական անձնաւորութիւններու զիջողական կեցուածքին, ինչպէս նաեւ այն համոզումին, որ Լիբանանի շահերը կը գերադասեն բոլորին շահերը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի խորհրդարանական, ժողովրդավարական վարչակարգի վերարտադրութիւնը` հաստատելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան ջանքերը աշխուժ պահող «շարժակ»-ն է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած իւրաքանչիւր ժամի ուշացում Լիբանանի տնտեսութեան վրայ ազդող իր գինը ունի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտել Քերիմ Տաայսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ եմէնեան զարգացումները: Մաշնուքի այցելեցին նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ Տիմա Ժամալի եւ Ռուլա Թապաշ:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Աքքարի Ֆնայտեք գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց 4 քաղաքացիներ` օդը կրակելու յանցանքով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը փտածութեան դէմ կը խօսին այնպիսի ձեւով, որ կարծէք անիկա ներածուած արտադրութիւն է եւ ոչ թէ տեղական արտադրութիւն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը ներկայիս հանդարտ թափով կ՛ընթանան, հետեւաբար ներկայիս կառավարութեան նոր կազմ մը կարելի չէ յայտարարել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ պետութիւնը պէտք է Պաալպեք-Հերմելի ենթակառոյցը երաշխաւորէ, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի երկրագործներուն համար ոռոգման ջուրի պաշարներ ապահովէ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամորոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր ինչքերուն մասին տեղեկագիր ներկայացուց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր իրաւունքը նկատուող նախարարութիւններէն ոչ մէկը պիտի զիջի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան հարց գոյութիւն չունի, այլ` ոմանց մօտ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարի` Ուալիտ Ժոմպլաթի հարց գոյութիւն ունի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որուն հետ քննարկեց Պաալպեքը յուզող իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար նոյն չափանիշի որդեգրումը Լիբանանը օրինական կերպով Իրանին պիտի յանձնէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով արձանագրուած յապաղումը կը խորացնէ Լիբանանի վէրքերը եւ կը վերահաստատէ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանեան համալսարանը զանց կացուցելու իրենց միջեւ առկայ քաղաքական հաշիւներէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ իրենք տակաւին պաշտօնական առաջարկ չեն ստացած` տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան հարցը լուծելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումի հետեւանքները պիտի կրեն անոնք, որոնք լիբանանցիները շանթաժի կ՛ենթարկեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Շարլ Ժապպուր հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ միակ պատասխանատուն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումին:

 

Նախորդը

Թուրքիա Սկսած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Յաջորդը

«Բրիտանիա Կը Հպարտանայ Լիբանանեան Բանակին Գլխաւոր Դաշնակիցը Ըլլալուն Համար» Ընդգծեց Շորթըր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.