Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեպտեմբերի Սկիզբը Թեհրանի Մէջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողով Կրնայ Տեղի Ունենալ

August 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին սեպտեմբերի սկիզբը Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն մասնակցութեամբ վեհաժողովի մը գումարման շուրջ:

Փեսքով նշեց, որ այդ ուղղութեամբ «որոշ նախնական յառաջդիմութիւն» արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ հերքեց մինչեւ այս պահս Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումի մը շուրջ համաձայնութեան գոյութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահական բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ սեպտեմբերի սկիզբը Թեհրանի մէջ պիտի գումարուի Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներուն մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը:

Քալըն աւելցուց, որ Անգարան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Սուրիոյ տագնապին դիւանագիտութեան ճամբով լուծման համար Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:

Ան նշեց, որ Թեհրանի մէջ նախատեսուած վեհաժողովը պիտի կեդրոնանայ Իտլիպի եւ այլ շրջաններու մէջ կացութեան զարգացումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ սուրիական թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցող այլ զարգացումները:

Անդրադառնալով Իտլիպի ուղղութեամբ սուրիական բանակի շարժումին` Քալըն յայտնեց, որ «Թուրքիան` իբրեւ երաշխաւոր երկիր, չ՛ուզեր, որ այդ քաղաքին մէջ պատահին Համայի, Տարաայի եւ Քնէյթրայի մէջ պատահածին նման դէպքեր»` աւելցնելով. «Մեր բոլոր կառոյցներուն ճամբով աշխատանք կը տանինք, որ Իտլիպի մէջ որեւէ մագլցում չարձանագրուի»:

Ան նաեւ նշեց, որ քրտական ուժերը սկսած են հեռանալ Մընպեժի եւ անոր մերձակայ շրջաններէն` աւելցնելով, որ այդ ուժերը պէտք է ամբողջութեամբ հեռանան դէպի Եփրատ գետի արեւելեան ափը:

Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմութենէն զինուորական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ Սարաքեպի եւ Մաարաթ Նոհմանի ուղղութեամբ յառաջանալու նպատակով` Ըմ Զուհուր շրջանին ուղղութեամբ ուժեր կուտակել:

Աղբիւրները նշեցին, որ Թուրքիան կը շարունակէ ամրապնդել իր հսկողութեան կէտերը` աւելցնելով. «Իտլիպի վրայ վերահսկողութիւն պահելու Անգարայի քաղաքական որոշումին հիմամբ թրքական հսկողութեան ուժերը ամրապնդեցին իրենց կարողականութիւնը»:

 

Նախորդը

Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Շուրջ Թուրքիա-Ռուսիա Սկզբունքային Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` «Չփորձելու Թրամփի Համբերութիւնը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.