Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եզրափակիչ Խօսքով Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Հասաւ Իր Աւարտին

August 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին փակումը: Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ նախագահութեամբ այս ծրագիրին նպատակն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմերու երիտասարդներուն մատակարարել թէ՛ եկեղեցագիտութիւն եւ թէ՛ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել զանոնք կաթողիկոսարանի առաքելութեան:

Այս առումով, վեհափառ հայրապետը բազմաթիւ անգամներ այս երիտասարդները հրաւիրած էր պաշտօնական ու անպաշտօն զրոյցներու, լսած անոնց մտահոգութիւններն ու առաջարկները, ականջալուր եղած Արեւմուտքի մէջ հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու խրախուսած զանոնք աշխատիլ առանց յուսահատելու եւ յանձնուելու:

Փակման նիստի ընթացքին խօսք առնելով` երիտասարդներու պատասխանատու Զարեհ վրդ. Սարգիսեան հակիրճ կերպով նկարագրեց երկու շաբթուան դասընթացքը եւ անկէ բխած նախնական տպաւորութիւնները: Հայր սուրբը ապա խօսքը փոխանցեց մասնակիցներուն, որպէսզի անգամ մը եւս արտայայտեն իրենց մտածումները եւ արժեւորեն ծրագիրը:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, մասնակիցները խօսեցան ծրագիրին կարեւորութեան, այժմէականութեան եւ նպաստին մասին` տալով բարելաւման առաջարկներ: Երիտասարդները յայտնեցին, որ գիտելիքներու կողքին իրենց փորձառութիւնը հարստացուցած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կեցութիւնն ու համայնքին ծանօթանալը: Անոնք յայտնեցին, որ հիացած էին եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան կողքին տարած ընկերային առաքելութեամբ եւ ազգային ծառայութեամբ, ինչ որ հայ եկեղեցւոյ յատկանիշներէն մէկն է:

Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս գնահատեց անոնց մասնակցութիւնը եւ ընդգծեց եկեղեցւոյ բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնն ու անոր մէջ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութիւնը: Վեհափառ հայրապետը երիտասարդներուն յանձնարարեց վերադառնալ իրենց ծուխերը վերանորոգուած ու այդ կորովով վերանորոգել իրենց եկեղեցիները: «Անթիլիասի մայրավանքը ամէն բանէ առաջ առաքելութիւն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին եկեղեցին է, հետեւաբար թող ժողովուրդը մասնակից դառնայ այս առաքելութեան իր կարողականութիւններով, որպէսզի միշտ երիտասարդ մնայ մեր եկեղեցին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` եզրափակելով իր խօսքը:

 

 

Նախորդը

Արժանթինեան Դեսպանատան Խորհրդատուն Այցելեց Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Կեդրոնատեղի

Յաջորդը

Նշմար. Թուրքիոյ Աններելի Յանցանքը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.