Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտպանեց Իրանի հետ իր առեւտրական յարաբերութիւնները` զանոնք նկատելով անկեղծ եւ թափանցիկ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ դէմ է միակողմանի պատժամիջոցներու հաստատման եւ տեղական դատարաններու արդարադատական իշխանութեան օտարներու վրայ կիրարկումին:
«Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունին անկեղծ, թափանցիկ եւ բնական յարաբերութիւններ ներդրումներու, առեւտուրի եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: Անոնք տրամաբանական, արդար եւ օրինական են», նշեց նախարարութիւնը:
«Ատիկա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն կամ Չինաստանի ստանձնած յանձնառութիւններուն խախտում չէ եւ չի վնասեր որեւէ այլ պետութեան շահերուն: Զանոնք (Չինաստան-Իրան յարաբերութիւնները) պէտք է յարգել եւ պաշտպանել», նշեց Փեքին:



