Թուրքիան կը ծրագրէ իրականացնել հիւլէական կայանի կառուցման ծրագիր մը` այս անգամ գործակցելով Չինաստանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:
Հիւլէական երրորդ հիւլէական կայանը կը նախատեսուի կառուցել Թուրքիոյ եւրոպական մասին մէջ` Թրակիոյ տարածքին: Այս մասին խօսած է երկրի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ:
Ան նշած է, թէ հիւլէական կայանի կառուցման յստակ վայրը տակաւին որոշուած չէ, սակայն Թրակիոյ տարածքի ընտրութիւնը պատահական չէ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ ելեկտրականութիւն կը սպառեն հիմնականին մէջ Պոլսոյ եւ Մարմարա ծովու աւազանի բնակիչները:
«Չինաստանը բաւական պատրաստակամ է` ճարտարագիտութիւններու փոխանակման, այդ իսկ պատճառով մենք կ՛ուզենք հիւլէական երրորդ կայանի կառուցման նախագիծը իրագործել անոնց հետ», նշած է նախարարը:



