Չորեքշաբթի, 8 օգոստոս 2018-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, Պէյրութի միջազգային մարաթոն «Պլոմ» դրամատուն 2018-ի, միջազգային վազքի մրցումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբեր 2018-ին:
16-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցող այս մարաթոնին այս տարուան կարգախօսն է «Մեզմով կը մեծնայ Պէյրութի սիրտը»:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Սիմոն Ապի Ռամիա, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչը, բարձրաստիճան զինուորականներ, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսքը ուղղեց Պէյրութի մարաթոնի միութեան ընդհանուր քարտուղար, մարզական լրագրող Հասսան Մուհիետտին:
Յատուկ տեսերիզով տեսարաններ ցուցադրուեցան նախկին մարաթոններէն, որոնց ընթացքին կը յայտարարուէր, որ տարիէ տարի անոնց մասնակցողներուն թիւը միշտ կ՛աւելնայ եւ անոնք միջազգային յաւելեալ ճանաչում կ՛ունենան:
Իսկ Մէյ Խալիլ խօսք առնելով յայտարարեց, թէ Մարաթոնին միջոցով բոլոր լիբանանցիները կը համախմբումին եւ անոր մասնակցողները յատուկ նպատակ մը ունենալով կը վազեն Պէյրութի ճամբաներուն մէջ:
Լուսանկարները Տրամադրեց
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ





