Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Պետական Վարժարաններուն Տրամադրել Որակաւոր Ծրագիրներ, Որպէսզի Անոնք Մրցին Անձնական Դպրոցներուն Հետ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

August 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեթնի պետական վարժարաններու բարեկամներու միութիւնը երկրորդ տարին ըլլալով պարգեւատրեց այդ դպրոցներու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերուն մէջ Ա., Բ. եւ Գ. հանդիսացող աշակերտները:

Ձեռնարկին ներկայ էին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի ներկայացուցիչ Վերա Զէյթունի, ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Էտի Մաալուֆ, Էլիաս Հանքաշ, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ պետութենէն պահանջեց պետական վարժարաններուն տրամադրել որակաւոր եւ տեսակարար ծրագիրներ, որպէսզի անոնք կարենան մրցիլ անձնական դպրոցներուն հետ:

Ան հաստատեց, որ պետական դպրոցը կրնայ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրել, եթէ պատասխանատուներուն կողմէ յաւելեալ ուշադրութեան արժանանայ` աւելցնելով, որ աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները կը փաստեն այդ ճշմարտութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իբրեւ կրթութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի  անդամ, ճիգ պիտի չխնայէ գործադրելու շարք մը ծրագիրներ, որոնց շարքին` լիբանանեան պետութեան սեփականութիւնը դարձնել այն կալուածները, որոնք պետական դպրոցներու վերածուած են:

Ան նշեց, որ Մեթնի պետական վարժարաններու բարեկամներու միութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը շուրջ եօթը միլիառ լ. ոսկի վարձք կը վճարէ` այդ նահանգին մէջ գործող 45 պետական դպրոցներուն համար:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ուսուցչութեան ասպարէզին մէջ պէտք է ներգրաւել նոր սերունդը եւ ստեղծել ուսումնական խորհուրդներ, որոնք արդիական հիմքերու վրայ զետեղած են ուսուցման ոճն ու ձեւը եւ կրթական ծրագիրները բարեկարգած են` որդեգրելով նոր արհեստագիտութիւն եւ առիթ տալով, որ աշակերտները քայլ պահեն համաշխարհայնացումի թափին հետ:

«Մեթնի պետական վարժարաններու բարեկամներու միութեան վիճակագրութիւնները կը փաստեն, թէ կրթութեան նախարարութեան մէջ 2015-ի տուեալներուն համաձայն, պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն միջին տարիքը 55-ն է, տարիք մը, որ ներկայի աշակերտին մտայնութեան համահունչ չէ», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի: աշտօնեաներուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Փակեց Պէյրութի, Սայտայի, Սուրի Եւ Թրիփոլիի Նաւահանգիստներուն Մուտքերը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կ՛օժանդակեն Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւններուն Վերջ Տալու»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.