Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Փակեց Պէյրութի, Սայտայի, Սուրի Եւ Թրիփոլիի Նաւահանգիստներուն Մուտքերը

August 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու եւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները

երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ գործադրեցին գործադուլ-նստացոյց մը, որուն ընթացքին փակեցին Պէյրութի, Սայտայի, Սուրի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներուն մուտքերը:

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս Պէյրութի նաւահանգիստի մուտքին յայտնեց, որ պետութեան հետ բանակցութիւնները աւարտած են, եւ պահանջուածը համաձայնութեան գործադրութիւնն է:

Ան աւելցուց, որ իրենց կողմէ մագլցողական քայլերը պիտի շարունակուին` նշելով, որ  երեքշաբթի, 14 օգոստոսին պիտի հանդիպին` յայտարարելու համար իրենց յաջորդ շարժումին մասին:

Թլայս հաստատեց, որ պատասխանատուներուն հետ իրենց հարցին հիմնական պատճառը այն է, որ անոնք իրենց խոստումները չեն գործադրեր: «Փոխադրութեան սենտիքաները բանակցելու տրամադրութեան մէջ չեն եւ կ՛ուղղուին փակելու Պէյրութի միջազգային օդակայանին մուտքը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի` ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքայի նախագահ Իպրահիմ Պուխարի յայտնեց, որ պետութիւնը շատ ուշացած է փոխադրութեան մարզը կարգաւորելու իմաստով` պահանջելով գործադրել փոխադրութեան մարզին հետ կապուած բոլոր որոշումներն ու խոստումները:

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար մասնակցեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մուտքին կատարուած նստացոյցին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակուին, մինչեւ որ պատասխանատուները ընդառաջեն իրենց պահանջներուն եւ անցնին օրէնքներու գործադրութեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պէտք Է Պետական Վարժարաններուն Տրամադրել Որակաւոր Ծրագիրներ, Որպէսզի Անոնք Մրցին Անձնական Դպրոցներուն Հետ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.