Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Պատճառով. Իրաք Սառեցուցած Է Իրանի Հետ Դրամատնային Գործառնութիւնները

August 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք կասեցուցած են Իրանի ելեւմտական հաստատութիւններու հետ դրամատնային փոխանցումները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է իրանեան «Մատա» ելեկտրոնային հրատարակութիւնը:

«Մատա»-ի տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Իրաքի Կեդրոնական դրամատան ուղարկած է նամակ, որուն մէջ իրաքեան դրամատուները պարտաւոր նկատած է «կասեցնել Իսլամական հանրապետութեան դրամատուներուն հետ բոլոր գործառնութիւնները»` սպառնալով «սառեցնել անոնց հաշիւները եւ ներառել սեւ ցուցակի վրայ»:

Իրաքի վարչապետի տնտեսական հարցերով խորհրդական Մազհար Մոհամետ նշած է, որ բացի դրամատնային հատուածէն, հակաիրանեան սահմանափակումները վերաբերած են նաեւ ուժանիւթին: «Իրաքի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներէն ետք ձեռնարկած է ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներու որոնման», յայտնած է ան:

Վարչապետի ներկայացուցիչը ընդգծած է. «Ամերիկեան պատժամիջոցները բացասաբար կ՛անդրադառնան Թեհրանի եւ Պաղտատի միջեւ առեւտրական գործառնութիւններու ծաւալին վրայ»:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթին տուեալներով` դրացի պետութիւններուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը անցեալ տարիներուն կը հասնէր 10 միլիառ տոլարի, իսկ Իրան իրաքեան ապրանքներու ներածման ծաւալը 66 միլիոն տոլարէն պակաս եղած է:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի նախապէս յայտարարած էր, որ Պաղտատ դէմ է հակաիրանեան պատժամիջոցներուն, սակայն հարկադրուած է զանոնք կատարել: Երկրի նախագահ Ֆուատ Մաասում իր կարգին յայտնած էր, որ իրաքեան իշխանութիւնները պէտք է չէզոքութիւն պահպանեն ամերիկեան-իրանեան դիմակայութեան մէջ:

 

Նախորդը

Դէպի Ամբողջական Արդարութիւն

Յաջորդը

Քոլոմպիան Ճանչցաւ Պաղեստինի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.