Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (9 Օգոստոս 2018)

August 9, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն ընդհանուր միջին ժամերու ընդհատումը եղած է 296 ժամ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակացոյցին, յուլիս ամսուան իւրաքանչիւր քիլոուաթ /ժամի սակ ճշդուած ըլլալով 338 լիբ. ոսկի, հետեւաբար բաժանորդներէն պիտի գանձուի միայն 100.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփերի փոխարէն:

—————————————

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ|
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

ՇԱԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
– Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Պիտի պատարագէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱՍԻՍ ԵՊՍ. ԶՕՊՈՒԵԱՆ
(Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի)

Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը:

Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ

Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի պիտի ունենայ խաղողի օրհնութիւն:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

ՄԵՌԵԼՈՑ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:

—————————————

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի ուխտի օրուան առիթով, սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը, շաբաթ 11 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, մասնակից դառնալու Պիքֆայայի վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին:

Հանդիսաւոր այս առիթով, արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ մեր ժողովուրդին իր հայրական պատգամ փոխանցէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

Տօնական այս առիթով, դէպի Պիքֆայա մեր հաւատացեալ ժողովուրդին երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով, մասնաւոր փոխադրակառքեր տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն մէջ.

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց
Ֆանար` ակումբին առջեւ
Ռաուտա (Էհլան)
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից
Զալքա ակումբին կից
Անթիլիաս` Սիմիթեան շէնքեր
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Հաճըն եւ Ռմէյլ` նախկին Փուռ Փատովային կից

Փոխադրակառքերը վերոնշեալ վայրերէն պիտի մեկնին երեկոյեան ճիշդ ժամը 6:00-ին եւ Ս. պատարագի աւարտէն կէս ժամ ետք ժողովուրդը պիտի վերադարձնեն Պէյրութ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ,
ՊԻՔՖԱՅԱ 6-10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018

Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ եւ սրբազնագոյն հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 6-10 օգոստոս 2018-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն` նուիրուած միշտ Սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամին:

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

ԾԱՆՕԹ.-

Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Վարդանանց եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի, Ս. Ագնէս վարժարանի մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

—————————————

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտ, 100 քառ. մեթր, մայր ճամբու վրայ, 4-րդ յարկ:

Դիմել` հեռ. 76-691830:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026)

February 2, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2026)

January 31, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2026)

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.