Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Լիբանանի Շահերն Ու Անոր Սահմանային Անդորրը Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Կատարեալ Համագործակցութիւն Կ՛ենթադրեն»

August 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Վարչապետ Հարիրի այս կեցուածքները արտայայտեց Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Վարչապետ Հարիրի մեծապէս գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահելու գծով: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի շահերն ու անոր սահմանային անդորրը լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ կատարեալ համագործակցութիւն կ՛ենթադրեն:

Այս առիթով Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` ընդգծելով այս պահանջին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Հարիրի հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ յարաբերութիւնները հեզասահութեամբ շարունակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ պիտի երկարաձգէ այդ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան համար լուրջ երաշխիքներ կ՛ապահովէ:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Ներկայ Իշխանութիւնները Հարուածող Քաղաքական Գործիչներուն Եւ Լրագրողներուն Քաղաքական Ինքնութիւնն Ու Մտքի Սնանկութիւնը Յստակ Են Բոլորին»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Հիմնական Խոչընդոտը Նախարարութիւններու Պահանջներն Են»

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.