Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նազարպայեւ-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

August 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւին հետ: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, որոնց կարգին` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան պաշտօնական կայքը:

Նշենք, որ Նազարպայեւի պաշտօնական կայքին համաձայն, քննարկուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը, իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է հայկական կողմին  նախաձեռնութեամբ:

Հայաստանի Ու Ղազախստանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Առկայ Է Լաւ Մթնոլորտ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ղազախստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիմուր Ուրազայեւը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է հայ-ղազախական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը եւ համոզում յայտնած, որ դեսպանին աշխուժ գործունէութիւնը կը նպաստէ երկկողմանի կապերու  ընդլայնման ու խորացման տարբեր ոլորտներու մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի ու Ղազախստանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է լաւ մթնոլորտ եւ աւելցուցած, որ անիկա կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման:

Իր կարգին, Թիմուր Ուրազայեւ նշած է, որ Ղազախստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ամրապնդումով, արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեամբ ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերով, որոնց կարգին` Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական կապերու ընդլայնումը եւ գոհունակութեամբ նշած, որ 2018-ի առաջին կիսամեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները աճած են 2,5 անգամ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թիմուր Ուրազայեւ նշած են, որ գործարար կապերու խթանման ու զարգացման ուղղութեամբ առկայ է մեծ ներուժ: Անոնք  քննարկած են տարբեր խնդիրներու լուծման կարելիութիւններու  վերաբերող հարցեր:

Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ու կարեւոր նկատած շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ըստ Օսիպեանի. Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Օրինականութեան Մակարդակը Աննախընթաց Պիտի Ըլլայ

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Պէտք Է Հասկանանք, Որ Այսօրուայ Մեր Գերագոյն Խնդիրը Արցախն Է, Արցախի Անվտանգութեան Ապահովումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.