
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, որ իրարու դէմ հանեց երկրի ախոյեան Փորթոն եւ բաժակակիր Ռիօ Աւեշը, աւարտեցաւ Փորթոյի յաղթանակով, որ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Փորթօ յաջողեցաւ 21-րդ անգամն ըլլալով բարձրացնել այս մրցաշարքին տիտղոսը: