Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Իրանի Նոր Դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա Հասաւ Պէյրութ

August 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա հասաւ Պէյրութ` պաշտօնապէս ստանձնելու իր նոր պաշտօնը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆիրուզնիա դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Խալիլ Համտանի եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ երեսփոխաններ Ալի Մըքտատի եւ Իպրահիմ Մուսաուիի կողմէ:

Այս առիթով Ֆիրուզնիա հաստատեց, որ ինք պատիւ ունի Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանի պաշտօնը ստանձնելու` մեծապէս գնահատելով ու ընդգծելով Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի հեզասահ ու ամուր յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ֆիրուզնիա նշեց, որ հիմնուելով լիբանանեան-իրանեան պատմական յարաբերութիւններուն վրայ, իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու ընկերային մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Ան շեշտեց, որ Իրան միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին եւ պիտի շարունակէ նոյն ընթացքով, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ Դիմադրութեան զօրակցութիւնը:

Ֆիրուզնիա շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տօնը` բարձր գնահատելով անոր արձանագրած յաղթանակները եւ շեշտելով, որ «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն» տարազը ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորող իսկական երաշխիքն է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Լիզա Ապու Խալետ. «Կը Սպասենք Ռուսական – Ամերիկեան Համաձայնութեան Մանրամասնութիւններուն»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.