Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալիոյ Նախագահը Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ Քննարկեց Հայ-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Հեռանկարները

August 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա 31 յուլիսին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ ներկայ գտնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման հայ-իտալական շրջանային կեդրոնի բացման արարողութեան, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-համալիր, նաեւ հանդիպումներ ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ:

Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման հայ-իտալական շրջանային կեդրոնի բացումին արտասանուած խօսքերուն մէջ նշուած է, որ հայ-իտալական միացեալ նախաձեռնութիւնը եղող այս ծրագիրին նպատակն է իրականացնել մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման վերաբերող տարբեր, որոնց կարգին` շրջանային ծրագիրներ:

Արմէն Սարգսեան Իտալիոյ նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է Իտալիոյ բարձրագոյն պարգեւով` «Մեծ խաչի ասպետ» ժապաւէնակիր շքանշանով: Հայաստանի նախագահը, իր կարգին, իտալացի պաշտօնակիցը պարգեւատրած է Փառքի շքանշանով:

Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները ծաղկեպսակ զետեղած են յուշակոթողին առջեւ, ապա պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ծաղիկներ դրած անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Իտալիոյ պաշտօնական պատուիրակութիւնը շրջագայած է Յիշողութեան պուրակին մէջ, ուր նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա տնկած է արծաթափայլ եղեւնի:

Հանդիպում` Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Իտալիոյ նախագահին այցելութիւնը եւ համոզում յայտնած, որ անիկա կը նպաստէ հայ-իտալական յարաբերութիւններուն նոր մակարդակի բարձրացման: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է ջանքեր գործադրելու` երկկողմանի կապերու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումը տարբեր ոլորտներու մէջ: «Մեր ժողովուրդները իրարու կը կապէ ամուր բարեկամութիւնը, եւ մենք անհրաժեշտ կը նկատենք Իտալիոյ եւ Հայաստանի գործընկերութեան ա՛լ

աւելի զարգացումը», հաստատած է Իտալիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ հայ եւ իտալացի ժողովուրդները կը նկատուին հնագոյն քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներ, ինչ որ հիմք կը հանդիսանայ երկկողմանի կապերու խթանման:

Զրուցակիցները քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր, որոնց կարգին` տնտեսութեան, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Կողմերը ընդգծած են յատկապէս պաշտպանութեան մարզին մէջ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ խաղաղապահ միացեալ առաքելութեան շրջագիծին մէջ:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալիոյ` այդ հարցին մէջ հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է տագնապի խաղաղ լուծումով եւ պատրաստ է շարունակելու ջանքերը բանակցային հոլովոյթին մէջ:

Նախագահ Մաթարելլա նշած է, որ այսուհետեւ եւս Իտալիան պիտի շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ, նաեւ` ԵԱՀԿ-ին մէջ նախագահութեան ընթացքին: Իտալիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ իր երկիրը կարելին պիտի ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ տագնապը բացառապէս խաղաղ լուծման հասցնելու համար: Ան ընդգծած է, որ այս տագնապը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում` աւելցնելով, որ անիկա միայն քաղաքական է:

Այս առումով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Սերժիօ Մաթարելլա կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդումն ու ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն միջեւ աշխուժ երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Հայաստանի վարչապետը եւ Իտալիոյ նախագահը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման շուրջ: Իտալիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ իր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ կարելի եղածին չափ շուտ վաւերացուի Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Քննարկում` Արա Բաբլոյեանի Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան եւս ընդունած է Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է երկկողմանի խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման եւ բարեկամական խումբերու գործունէութեան խթանման, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ համագործակցելու անհրաժեշտութեան: Այս պարունակին մէջ Արա Բաբլոյեան ընդգծած է, որ երկու երկիրներու խորհրդարանական կառավարման համակարգ ունենալը համագործակցութեան մեծ կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ:

Խօսելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մասին` խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Իտալիոյ Ծերակոյտը կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտի մէջ կը վաւերացնէ փաստաթուղթը, ինչ որ լրացուցիչ ազդակ պիտի ըլլայ երկկողմանի կապերու առաւել ամրապնդման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին` Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է այս հարցին մէջ Իտալիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա պատրաստակամութիւն յայտնած է խթանելու Իտալիոյ եւ Հայաստանի դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Համբարձումեան. «Սահմանները Բանալու Քայլը Թրքական Կողմը Պէտք Է Առնէ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.