Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ հաստատեց, որ առողջապահութեան մարզին մէջ կատարուելիք ներդրումները ամէնէն կարեւոր ներդրումները կը նկատուին` բարգաւաճման ներդրումներու իմաստով: Ան նշեց, որ առողջապահութեան մարզին մէջ Լիբանան իրականացուց հսկայ զարգացում եւ յառաջդիմութիւն` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան քաղաքացիին տրամադրելու լաւագոյնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ ընդգծեց իր անձնական եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան զօրակցութիւնը Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նկատմամբ եւ ողջունեց անոր ցուցաբերած նեցուկը` հանգստեան կոչուած աշխատաւորներու իրաւունքներուն նկատմամբ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու համար պէտք է վարչական, քաղաքական, տնտեսական, փտածութեան դէմ պայքարի ու մսխումի կասեցման նոր ուղեգիծ եւ գործելաոճ որդեգրել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ անընդունելի է լուռ մնալ օդին մէջ կրակելու երեւոյթին նկատմամբ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր խորհրդակցութիւններն ու կապը մնայուն են, իսկ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը այն է, որ մարդիկ կորսնցուցած են օրէնքի գործադրութեան եւ օրէնքին նկատմամբ յարգանք տածելու մշակոյթը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պաքր Հուժէյրի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի համար երաշխիք է` աւելցնելով, որ Հարիրի իր իրաւունքներէն կը զիջի` Լիբանանի գերագոյն շահերուն պաշտպանութեան համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ պատասխանատու պաշտօնի վրայ ըլլալ անպայմանօրէն չի նշանակեր փտածութեան մեղսակից ըլլալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան լիբանանեան բանակը շնորհաւորեց իր տօնին առիթով եւ կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` ի խնդիր լիբանանեան բանակի օժանդակութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ Տուհուր Շուէյրի մէջ բացումը կատարեց լիբանանեան բանակին նուիրուած հրապարակին: Բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ապու Սաապ ընդգծեց անյապաղ կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ պլոքի երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը փաստեց, որ Մոսկուա կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ժորժ Աթալլա ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է նախաձեռնէ կառավարութեան կազմութեան, պայմանով, որ անոր շուրջ լուրջ խորհրդակցութիւն կատարուի եւ հարցը տեղքայլի իր վիճակէն դուրս գայ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ եւ զբօսաշրջութեան խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան կարգ մը շրջաններու կարիքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուց առաջարկներ` բարելաւելու համար զոյգ մարզերուն ընթացքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպանին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ իրեն համար աննախատեսելի է մեծամասնական կառավարութեան կազմութիւնը: Ան հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի այն տեսակէտին, որ ամբողջ կառավարութիւնը հանրապետութեան նախագահին պատկանի եւ ոչ թէ միայն որոշ նախարարներ: Անդրադառնալով Մեհրապի համաձայնագիրին` Ռահմէ շեշտեց, որ այդ համաձայնագիրը իր ոգին կորսնցուցած է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ հաշիշի մշակումով չէ, որ Պեքաան պիտի բարգաւաճի, այլ` Քաայի մէջ արեւային ջերմուժի օրէնքները գործադրելով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն դիւրին միջոցն է, որպէսզի Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը մաս կազմեն կառավարութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային միասնականութեան կուսակցութեան նախագահ Պիլալ Թաքիէտտինի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Շէյխ Քասեմ եւ Թաքիէտտին հաստատեցին ազգային միասնականութեան կառավարութեան անյապաղ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐԳԵԼԱՓԱԿՈՒԱԾ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն մէկը` Ահմետ Ք., անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութիւնը Անկարելի Կը Դարձնէ Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.