Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմնական Նպատակը Միջին Արեւելքի Մէջ Արցախի Ճանաչողութիւնը Բարձրացնելն Է

July 31, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20-22 յուլիսին Արցախ կը գտնուէին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով հաւաքուած էին Արցախի բոլոր ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուները: Արտաքին աշխարհին մէջ Արցախը ներկայացնողները շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած են, իրար լսելով, կարծիքներ փոխանակած եւ նախանշած յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:

Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի գրասենեակի պատասխանատուին փոխանցումով` ներկայացուցիչները յանձնարարական ստացած են  աշխատելու սփիւռքէն գործարարներու, առեւտրականներուն եւ ներդրողներու հետ, որոնց միջոցով Արցախի մէջ տնտեսական ներդրումներ պէտք է կատարուին: «Քաղաքական ներկայութենէ բացի մենք յաւելեալ ջանք պէտք է թափենք, որ տնտեսական ներդրողներ գտնենք եւ ճիշդ ձեւով ուղղորդենք զանոնք: Մենք ալ տեղեկութիւններ ստացած ենք, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կարելի է իրագործել, ի՛նչ շրջաններու  մէջ, ի՛նչ պիւտճէով», նշած է Պետօ Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն նաեւ գործունէութիւնը քաղաքական մարզին մէջ` Արցախի ճանաչում, պատուիրակութիւններու այցելութիւններ, լրագրողներու  այցելութիւններ, քոյր քաղաքներու հռչակում:

Ինչ կը վերաբերի մայիսին Մարտակերտ եւ Պուրճ Համուտ, Կովսական եւ Այնճար քաղաքներուն միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներուն, ապա թէ՛ Այնճարի եւ թէ՛ Պուրճ Համուտի քաղաքապետները արդէն մէկական ճանաչողական այցելութիւններ  կատարած են դէպի Արցախ եւ կը քննարկեն գործնական մարզին մէջ  իրարու հետ աշխատելու ծրագիրները:

Պետօ Տեմիրճեանի կարծիքով` Արցախը կարելիութիւն ունի անուղղակիօրէն ճանչցուելու ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացումով, որ  կը նշանակէ աշխատանք լրագրական շրջանակներու, քաղաքական, համալսարանական, տնտեսական միջավայրերու, քոյր քաղաքներու միջոցով: «Հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ճանաչողութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ բարձրացնելը, իսկ ճանաչումը, վստահաբար, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ներկայացուցչութիւններու աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնն է», աւելցուցած է Պետօ Տեմիրճեան:

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.