Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

July 31, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմ` 4 հոգի, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ` 12 հոգի, Քանատայի թեմ` 1 հոգի), որոնք պիտի հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջեկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, Հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած նիւթերու խտացեալ դասընթացքին:

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ այս դասընթացքին բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին դասընթացքներու դասախօսներէն Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան եւ փրոֆ. Ճոն Փիրրի:

Բացումին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց եւ ծրագիրին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք երիտասարդներուն, վեհափառ հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց այս ծրագիրին անոնց ընդառաջելուն եւ ընդգծեց, որ թէեւ անոնք սփիւռքի զանազան գաղութներէ կու գան, սակայն կը պատկանին մէկ ազգի ու մէկ եկեղեցւոյ` աւելցնելով, որ ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր մտածումներուն կեդրոնը: Իւրաքանչիւր մասնակիցի տարբեր միջավայրէ գալը եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան իր իւրայատուկ ներդրումը պիտի հարստացնէ այս փորձառութիւնը: Այս դասընթացք-զրոյցներուն ընդմէջէն պիտի փորձենք մեր եկեղեցւոյ աւանդական արժէքները դիտել ներկայ դարու երիտասարդներուն մտածելակերպին լոյսին տակ:

Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ այս ծրագիրը ո՛չ միայն գիտելիքներ ամբարելու առիթ մըն է, այլ նաեւ այդ գիտելիքները ծառայութեան վերածելու մարտահրաւէր: Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր Ս. Խորանի ծառայութեամբ, այլ նաեւ գործուն մասնակից դառնալով հայ կեանքին մէջ: Այս իմաստով, վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը իր կառավարման մէջ հոգեւորականներու կողքին աշխարհականներ ներառելու մէջ է եւ անոր ալ համար անիկա ժողովուրդին եկեղեցին է:

Վեհափառ հայրապետը ապա ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որուն նպատակն է մասնակիցներուն հայթայթել տեղեկութիւն հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, անոր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական գործունէութեան, ընկերաբարոյական հարցերու ու Հայ դատի իր ներդրումին մասին: Այս իմաստով վերոյիշեալ դասախօսներուն պիտի միանան դոկտ. Մոհամետ Սամմաք, դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան, Սեդա Խտըշեան եւ դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Լիբանանի հայ գաղութը եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը համայնքային դրութեամբ գործող Լիբանանի մէջ:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մասնակիցներու ծանօթացում, իսկ երիտասարդները շրջելով Անթիլիասի մայրավանքը, ծանօթացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բաժանմունքներուն եւ գործելաոճին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկման պահ, եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ երիտասարդները առիթ ունեցան զրուցելու վեհափառ հայրապետին հետ:

Նախորդը

Դո՛ւք, Հայրենապաշտ «Խենթ»-եր (Լիզպոն 35-ամեակ) Ե.

Յաջորդը

Անդրադարձ. Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.