Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա կատարած իր վերջին այցելութիւնը քաղաքական յաջող այցելութիւն մըն էր:
Ան դրուատեց լիբանանեան պետութեան նկատմամբ սէուտական կեցուածքը` ակնկալելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք Լիբանանի նկատմամբ սէուտական կեցուածքը փոխուի եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Մաշնուք նշեց, որ թիւերու ընդմէջէն կառավարութեան նոր կազմի մը յառաջացումը սխալ է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնող հիմնական պատճառը նախագահական կանխահաս ընտրապայքարն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական ժառանգութեան իղձերն ու նախագահութեան պաշտօն ստանձնելու ձգտումները:
Մաշնուք յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ մեղրալուսինը վերածուած է երկու կողմերուն միջեւ յստակ խորագիրներ ունեցող համաձայնութեան եւ սահմանափակ հորիզոնի մը:
Նախարարական պատասխանատուութենէն ետք ստանձնելիք աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաշնուք հաստատեց, որ ինք անձամբ եւ քաղաքական գետնի վրայ հանգիստ է` աւելցնելով, որ ինք երկար արձակուրդի մը կարիք ունի, որմէ ետք պիտի որոշէ, թէ կազմակերպական իմաստով ի՛նչ դիրքի վրայ պիտի ըլլայ:
Ան ընդգծեց, որ ինք Հարիրիի քաղաքականութեան հաւատարիմ եւ յանձնառու կը մնայ` հաստատելով, որ ինք յեղաշրջումի եւ բաժանումի միտումներ չունի: «Ընդհակառակն` նախանձախնդիր եմ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին համակիրներուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու եմ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քաղաքական եւ անձնական յարաբերութիւններուս, իսկ կազմակերպական գետնի վրայ ստանձնելիք աշխատանքիս մասին պէտք է մտածեմ եւ որոշում տամ», եզրափակեց Մաշնուք:



