ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիր յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը լիբանանեան-սուրիական շահեր կ՛ապահովէ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ հաստատեց, որ աղբահանման ամբողջական տնօրինման օրինագիծի վաւերացումը կը փաստէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը այդ տագնապի լուծման առումով պատասխանատու կը զգան:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ Լիբանանի հողերը պէտք է պաշտպանել քաղաքականութեամբ, տնտեսութեամբ եւ օրէնսդրական աշխատանքով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Անթուան Փանօ շեշտեց, որ աղբահանման ամբողջական տնօրինման օրինագիծը եւ փտածութիւնը բացայայտողներուն պաշտպանութեան օրէնքը օրէնսդրական աշխատանքի առումով դրական հիմնական քայլեր կը նկատուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Մուսթաքպալի պլոքին մաս չկազմող սիւննի նախարարը հանրապետութեան նախագահին յատկացուած նախարարներէն մէկը պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի հաստատեց, որ կառավարութեան նոր կազմին մաս պիտի կազմեն 5 կին նախարարներ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջին ի նպաստ Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը շատ կարեւոր դարձած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Սուրիա Լիբանանին յայտնած է սուրիացի տեղահանուածները տուն դարձնելու իր փափաքը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա մշակած է տեղահանուածներու վերադարձին յատուկ ծրագիր մը, սակայն տեղահանուածներու տունդարձին համար վարչապետ Սաատ Հարիրի փութաց ռուսերուն միջամտութիւնը ապահովելու:
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սենտիքան որոշած է դատարան դիմել այն դպրոցներուն դէմ, որոնք ուսուցիչներուն իրաւունքները յարգելով անոնց աշխատավարձի յաւելում չեն տրամադրեր: Ան աւելցուց նաեւ, որ կրթական տարեշրջանին ընթացքին դասադուլերու դրութիւնն ու նստացոյցերու վերադարձը շատ հաւանական է:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս շեշտեց, որ իրենց կողմէ առնուելիք բոլոր քայլերը պիտի շարունակուին, որովհետեւ իրենց պահանջները յստակ են եւ պէտք է գործադրուին:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ եւ քաղաքական մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ վերջին հանդիպումը պիտի կատարուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը եւ վերջ տալու յապաղումին ու անոր հետեւանքներուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող գաղտնի շերտ մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան համար պէտք է ճշդել սահմանադրական ժամկէտ մը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հաստատեց, որ երկրին շահերը կ՛ենթադրեն արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ լիբանանեան սենտիքայական շարժումները իրաւասու են, եւ անոնց հետապնդած հարցերը լուծումներու կարիք ունին:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ստացած է ռուս-ամերիկեան երաշխիքներ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պաշտօնական ընդհանուր լաւատեսութիւն մը կայ` սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին իմաստով Ռուսիոյ տրամադրած երաշխիքներուն նկատմամբ: Նոյն օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, կառավարութեան կազմութեան թղթածրարի քննարկումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիին ըսած է, թէ ինք համաձայն է, որ տիւրզի համայնքը ներկայացնող երեք նախարարներ յատկացուին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ռուսական աղբիւրներ կոչ ուղղած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ուղղակի գործակցութիւն ծաւալելու` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով: Ըստ նոյն օրաթերթին, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը զարգացումներ արձանագրած է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ երկուշաբթի օր կրնայ կազմուիլ:


