Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Ծրագիրին Գծով. Ռուսիոյ Նախագահին Պատուիրակը Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Հանդիպումը Շատ Դրական Կը Գնահատէ

July 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին  Պաապտայի մէջ ընդունեց Յորդանանէն Լիբանան եկած ռուսական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու ռուսական ծրագիրը, որ պատրաստուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու կողմէ:

Ռուսական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան գործավար Վիաչեսլաւ Մաքսուտով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատարներ, ռուս դիւանագէտներ եւ զինուորականներ:

Նախագահ Աունի կողքին, հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, ապահովական կառոյցներու պետեր, որոնց շարքին` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Հանդիպումէն ետք Լաւրենթիեւ հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ հանդիպումը շատ դրական եղած է:

Ան ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կարեւոր է,  եւ կը պահանջուի յարմար պայմաններ ապահովել այդ վերադարձին համար:

Լաւրենթիեւ ընդգծեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է ընդունելու տունդարձ կատարողները` հաստատելով, որ միջազգային զօրակցութիւնը նաեւ կարեւոր է` իրականացնելու համար տեղահանուածներուն հայրենիք վերադարձը:

Լաւրենթիեւ ըսաւ, թէ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ կը վկայեն տեղահանուածներու տունդարձին, ինչ որ կը փաստէ, թէ սուրիական իշխանութիւններէն անոնց դէմ սպառնալիքներ չկան, եւ այդ վարուելակերպը ինքնին քաջալերական է:

Նախագահ Աուն Կը Հանդիպի Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

Ռուսական պաշտօնական պատուիրակութեան հետ հանդիպելէ ետք, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի եւ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը մեկնեցան առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, սակայն, անպաշտօն աղբիւրներ նշեցին, որ իշխանութեան երեք պետերը քննարկած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որուն լոյսին տակ որոշուած է, որ վարչապետ Հարիրի 48 ժամուան ընթացքին վերադառնայ Պաապտա` նախագահ Աունի հետ շարունակելու կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն քննարկումը:

Հարիրիի Մօտ

Նշենք, որ նախքան նախագահական պալատ այցելութիւնը, ռուսական պատուիրակութիւնը այցելեց վարչապետ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպիի, նախկին նախարար Պասեմ Սապաայի եւ ռուսական հարցերով Հարիրիի խորհրդատու Ժորժ Շաապանի:

Հանդիպումին ընթացքին Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ ներկայացուց սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձը երաշխաւորող ռուսական ծրագիրը:

 

Նախորդը

Հաժ Հասան. «Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Աշխուժացումը Պիտի Յանգի Արդիւնաբերութեան Մակարդակի Բարձրացումին»

Յաջորդը

Ժիրինովսքի.«Եթէ Ռուսական Բանակը Հայաստան Չըլլար, Ղարաբաղի Մէջ Հայերուն Արդէն Սպաննած Կ՛ըլլային»

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.