Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Դիւանագիտական Եւ Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Այցելէ Պէյրութ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարին Գծով

July 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հելսինքիի մէջ ռուս-ամերիկեան վեհաժողովին լոյսին տակ, Լիբանան տակաւին կը սպասէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ամերիկեան եւ ռուսական պաշտօնական  փոխանցումներուն:

Այս շրջագիծին մէջ այսօր Լիբանան պիտի հասնի ռուսական դիւանագիտական եւ զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր պիտի յանձնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն նամակ մը, որ կը վերաբերի ընդհանրապէս Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումներուն,

եւ յատկապէս տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան:

Այս առումով, Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ լիբանանեան-սուրիական գերաստիճան հանդիպում մը, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:

Ան ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Սուրիոյ հետ գործակցելու գծով Լիբանանի մէջ արձանագրուած մերժումի կեցուածքները հետզհետէ կը նուազին` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն Լիբանանի եւ Սուրիոյ յարաբերութեան մէջ տեսակարար ոստում մը կատարելու` քաղաքական եւ իշխանութեան պետերուն մակարդակով:

Խուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կայ յանձնախումբ մը, որ կը ստուգէ սուրիական շուկան մուտք գործել փափաքող շինարարական բոլոր ընկերութիւնները, եւ նկատել տուաւ, որ ոմանց դիմումները մերժուած են:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Հելսինքիի ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ` առանց Դամասկոսի հաւանութեան եւ առանց Դամասկոսի հետ գործակցութեան:

«Մեր ռուս բարեկամները գիտեն, թէ տեղահանուածներու թղթածրարը առանց սուրիական պետութեան կարելի չէ լուծել, եւ անոնց այդ մասին ամերիկեան կողմը տեղեակ պահած է», ըսաւ Ալի: Ան աւելցուց, որ իրենք ամերիկացիներուն նկատմամբ վստահութիւն չունին, ո՛չ ալ համոզուած են, որ անոնք տեղահանուածներու տունդարձին յանձնառու կրնան ըլլալ, «որովհետեւ ամերիկացիներն են ուղղակի պատասխանատուները սուրիացի քաղաքացիներուն տեղահանութեան, սադրանքներու նախապատրաստութեան, պատերազմի բռնկումին եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան զօրակցութեան», շեշտեց Ալի:

Ան հաստատեց, որ իրենց ներկայացուելիք որեւէ առաջարկի նկատմամբ դրական վարուելակերպ պիտի դրսեւորեն, յատկապէս երբ Սուրիան կը յաղթէ եւ իր գերիշխանութիւնը կը վերահաստատէ սուրիական բանակին ազատագրած շրջաններուն վրայ:

Ալի նշեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը, պիտի պաշտպանէ իր հողերը եւ յարգէ իր քաղաքացիներուն տունդարձը` առանց սպառնալիքներուն դիմաց ընկրկելու:

Ալի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին թղթածրարը պէտք է քննարկուի լիբանանեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն միջեւ` հաստատելով, որ Սուրիա առաւելագոյն չափով գործակցութիւն կը ցուցաբերէ: Ան մեծապէս գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքը, թէ ինք յանձնառու է Սուրիոյ հետ եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները դրական զարգացումներ պիտի արձանագրեն, թէ՛ տեղահանուածներու տունդարձին եւ թէ՛ այլ թղթածրարներուն մակարդակով:

Նշենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ նաեւ շեշտեցին, որ Դամասկոսի հետ լիբանանեան պաշտօնական կապերը հաստատ են եւ հետզհետէ պիտի ամրապնդուին ու յաւելեալ հեզասահութեամբ գործեն:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վճռակամ կեցուածքը` տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով, մեծ ներդրում կը նկատուի այդ որոշումին զօրակցող ռուսական նախաձեռնութեան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Արտերկրի Մէջ Տարակարծիք Ըլլալու Իրաւունք Չունինք, Որովհետեւ Հայրենիքը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.