ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սուրիա: Ժտէյտեթ Եապուսէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հասան հաստատեց, որ Դամասկոս կատարած իր այցելութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակ կը հետապնդէ: Ան ընդգծեց երկկողմանի առեւտրական յարաբերութիւնները վերահաստատելու կարեւորութիւնը եւ Սուրիոյ վերաշինութեան մէջ Լիբանանի ունենալիք դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, մինչ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը մնացած է նոյնը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնն ու զայն շրջանային իրադարձութիւններէն զանց կացուցելը երկրին համար ներդրումներ ապահովելու միակ միջոցն է: Իր կարգին, Սալամ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիտմամբ խոչընդոտելու փորձեր կը նշմարեն` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է ընդառաջելու որեւէ նախաձեռնութեան, որուն կառավարութիւնը կը դիմէ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով:
ԵՐԷԿ առաւօտեան «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Շեպաա:


