Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Վար Առաւ Կոլանի Վերեւ Թռիչք Կատարող Սուրիական «Սուխոյ» Մը

July 25, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, որ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգէ արձակուած հրթիռով մը վար առած է սուրիական «Սուխոյ» տիպի ռմբաձիգ մը, որ 2 քիլոմեթր մուտք գործած էր բռնագրաւեալ Կոլանի օդային տարածք:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ վար առնուած օդանաւը թռիչք կատարած է «Թէյֆուր» օդակայանէն, իսկ զայն վար առած «Փաթրիոթ» հրթիռները արձակուած են Սաֆատէն:

Մինչ այդ, բռնագրաւեալ Կոլանի եւ անոր մերձակայ շրջաններուն ահազանգները հնչեցին:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Իսրայէլ ահաբեկիչներուն իր աջակցութիւնը հաստատեց, երբ վար առաւ զանոնք ռմբակոծող սուրիական պատերազմական օդանաւը:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակը շարունակեց երկրին հարաւային շրջաններուն մէջ իր գործողութիւնները: Կը հաղորդուի, որ բանակը շրջանին մէջ արագ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ:

Սուրիական բանակէն հրամանատար մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Քնէյթրայի գիւղական շրջանին մէջ սուրիական բանակին առաքելութիւնը 90 առ հարիւրով ամբողջացած է:

Զինեալ ընդդիմութեան համակարգող խորհուրդէն «Մայատին»-ին յայտնած են, որ Թուրքիա Ռուսիոյ ներկայացուցած է Իտլիպի մէջ առանց զինուորական բախումի լուծումի մը պատկերացումը:

Նախորդը

Աթէնքի Մօտ Անտառային Հրդեհներու Զոհերուն Թիւը Հասաւ 74-ի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.