Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջդպրաց Դասերու Յանձնախումբ. Այցելութիւն ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

July 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու արարողակարգին մէջ առանցքային տեղ վերապահուած է երգեցիկ դպրաց դասերու խումբերուն, որոնք կամաւորաբար ամէն կիրակի կը կատարեն գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններու եւ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը: Սակայն իրենց առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ արարողակարգային սահմաններուն մէջ: Անոնց ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ ընկերային, դաստիարակչական պահեր, այցելութիւններ, սուրբերու տօներուն նուիրուած համերգներու կազմակերպում եւ այլն: Այս առումով Լիբանանի թեմին մէջ  գործող Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու միջդպրաց դասերու գործունէութիւնը առաւել աշխուժացնելու առումով վերջերս Ազգային Կրօնական ժողովը միջդպրաց դասերու պատասխանատու նշանակեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանը: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դպրաց դաս մշակեց երկու ծրագիր, որոնք հերթաբար պիտի իրագործուին` զարկ տալով յատկապէս նոր սերունդին աշխուժ մասնակցութեան:

Ծրագիրներու մեկնարկը կատարեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, երբ շաբաթ, 21 յուլիս 2018-ի առաւօտեան, այցելութիւն մը կազմակերպեց ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տուն` մասնակցութեամբ Պէյրութի մէջ գործող քոյր եկեղեցիներու դպրաց դասերուն: Յայտագիրը սկիզբ առաւ դպրաց դասերու կողմէ Ս. պատարագի փունջ մը շարականներու մատուցումով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրապետ Կարօ սրկ. Աղազարեան: Ան ողջունեց ՔԱՀԼ-ի յարկին տակ պատսպարուած մեր պապիկներն ու մամիկները եւ անոնց մաղթեց առողջութիւն ու արեւշատ օրեր: Ապա հետեւեալ դպրաց դասերը ներկայացուցին գեղարուեստական յատուկ յայտագիր: Ս. Սարգիս եկեղեցին ներկայացուց Սաղմոսի ընթերցում` Արամ Մեքենեճեան, մեներգ` «Մայր իմ հեզ ու բարի», Մանօ սրկ. Մինասեան, մեներգ` «Պինկէօլի», Վազգէն Կենտիմեան: Ս. Յակոբ եկեղեցի մեներգ` «Տուն իմ հայրենի» եւ «Կռունկ», Կարինէ Անդրանիկեան, ջութակի նուագակցութեամբ` Ռիթա Աստիկեանի: Ս. Նշան Մայր եկեղեցի ասմունք` Համբիկ Մարտիրոսեանի «Էջմիածին»-ը Շահէ Քէշիշեան: Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցի աղօթք` Սեւակ Կիւվլեքճեան: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի ասմունք, Եդուարդ Եագուպեանի «Մայրերուն», Մանօ Թոքմաքճեան: Ս. Աստուածածին եկեղեցին երգեց շարական մը, իսկ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց մեներգ` «Գետաշէն» եւ «Սանթա Լուչիա», Անայիս Կետիկեան:

Հուսկ սրտի խօսք առաւ միջդպրաց դասերու պատասխանատու Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Ան նշեց, որ միջդպրաց դասերու համախմբումը տարբեր դիմագիծ ունի այս տարի: Այս ծրագիրներու մեկնարկը կատարուեցաւ ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տուն այցելութեամբ` ստանալու մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն օրհնութիւնը: Քահանայ հայրը խնդրեց աղօթել այս ծրագիրներուն յաջողութեան համար: Իր եւ այս հաւաքին մասնակից Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին` Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեանին անունով մաղթեց, որ բոլորը ուրախ մնան, եւ խոստացաւ յաճախակի այցելութիւններով  գօտեպնդել պատսպարեալները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին` այս քաղցր առիթին կազմակերպման համար, որ համախմբեց եկեղեցիներու դպրաց դասերը` ուրախացնելու համար պապիկներն ու մամիկները:

Այնուհետեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասէն Րաֆֆի Կէօվօղլանեան հայերէն եւ արաբերէն ճոխ երգերով խանդավառեց զիրենք: Պատսպարեալները շուրջպար կազմեցին` մթնոլորտէն ոգեւորուած: Յայտնենք, որ յայտագիրէն ետք դպրաց դասերը այցելեցին անկողինին ծառայող պատսպարեալներուն եւ շարականներով ու երգերով հոգեկան բերկրանք պարգեւեցին անոնց: Աւարտին բոլորը հիւրասիրուեցան դպրաց դասերու մատուցած անուշեղէններով եւ ըմպելիներով: Իսկ այցելութեան օրը ճաշը ստանձնեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Մարզական Օր

Կիրակի, 22 յուլիս 2018-ն յիշարժան օր մը եղաւ Լիբանանի մէջ գործող դպրաց դասերուն համար: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասին, կիրակի կէսօրէ ետք համանուն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Նշան, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ս. Յակոբ, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Պօղոս եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամները` մարզական բարձր ոգիով մասնակցելու խաղերուն: Եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամները մասնակցեցան փինկ փոնկի, ճատրակի, նարտիի, զէնքով նշանառութեան, ծանրութիւն վերցնելու, նետարձակումի, տամայի եւ տոմինոյի մարզախաղերուն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Առաջին դիրքը գրաւեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, երկրորդ` Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, իսկ երրորդ` Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Մասնակիցները հիւրասիրուեցան Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին եւ դպրաց դասին կողմէ: Բոլորը ուրախ սրտով մեկնեցան` դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

 

Նախորդը

Գիւմրիի Մէջ. Համաշխարհային Երիտասարդական Օրեր Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն` Արամ Սաատոյի

Յաջորդը

Արձանին Բացման Նուիրուած Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ ` Վահան Չերազ Գիւմրի Կը Վերադառնայ 1200 Սկաուտներու Փառքով Ու Պատիւով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.