Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային, յուլիս ամսուան սկիզբը Սոտերթելիէ (Շուէտ) մեկնեցան ակադեմիայէն խումբ մը մարզիկներ` մասնակցելու համար վերոնշեալ քաղաքի ակադեմիային կազմակերպած ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին:
Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ եղաւ իւրայատուկ:
Սոտերթելիէ մեկնած պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Աշոտ Թասլաքեան (պատուիրակութեան նախագահ), Խորէն Գուլաճեան (ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի պատասխանատու), Սագօ Էսքիճեան (մարզիչ), ինչպէս նաեւ` 7 մարզիկներ:
9-13 յուլիսին տեղի ունեցած «Սիֆ-Քափ»-ի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր տարիքային դասակարգերէ աւելի քան հազար ֆութպոլիստներ` 38 երկիրներէ:
Արդէն իսկ առաջին օրը Լիբանանը ներկայացնող ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը շուտով ծանօթացաւ տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի վարչութեան եւ անոր անդամներուն: Ատենապետ Եղիա Յակոբեան եւ պատասխանատու Ֆետի Թաժրա մեծապէս օգտակար դարձան, որ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ինքզինք զգայ հարազատ միջավայրի` իր տան մէջ:
Անոնք ՀՄԸՄ-ի ակումբին դռները լայն բացին լիբանանեան պատուիրակութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցին եւ իրենց ամէն կարելին ըրին անոնց ընձեռելու բոլոր կարելիութիւններն ու դիւրութիւնները:
Մրցաշարքին առաջին օրը տեղի ունեցաւ փորձ մրցում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի կազմին հետ ելոյթ ունեցան այլ խումբի մը երեք մարզիկներ:
Անոր յաջորդող օրը տեղի ունեցաւ մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, Լիբանանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներով, տողանցեցին իրենց կեցութեան վայր հանդիսացած ակադեմիայէն դէպի հրապարակ` ստեղծելով տօնական սքանչելի մթնոլորտ մը այդտեղ բնակութիւն հաստատած հայերուն մօտ:
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, մասնակցեցան 2008-ի ծնունդ դասակարգի մրցումներուն:
Խումբը, արձանագրելով երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն` Ա. խմբակին մէջ, յաջողեցաւ հասնիլ կիսաւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Էսթոնիոյ ներկայացուցիչէն:
Երրորդ դիրքի մրցումին ՀՄԸՄ կրեց դժուար պարտութիւն մը տեղւոյն կազմերէն մէկէն` մրցաշարքը աւարտելով չորրորդ պատուաբեր դիրքին վրայ:
Պէտք է նշել, որ փոքր պատուիրակութեամբ մը այս մրցաշարքին մասնակցած ՀՄԸՄ-ի ակադեմիան ձգեց մեծ տպաւորութիւն մը մրցաշարքին կազմակերպիչներուն մօտ, որոնք ֆութպոլիստներուն մէջ տեսան պայքարի ոգի եւ մարզական բարձր տրամադրութիւն:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ հակառակ անոր որ այդտեղ` ակադեմիային մէջ բոլոր կարելիութիւնները կային ժամանակ անցընելու եւ զբաղելու (ֆութպոլի մրցումներ չեղած միջոցին), բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կ՛ուզէին իրենց ժամանակը անցընել ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ` այդտեղէն հետեւելով նաեւ 2018-ի մոնտիալի մրցումներուն:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց շրջանի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն:
Յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ Սոտերթելիէի ակադեմիայի ընդհանուր պատասխանատու եւ մրցաշարքի կազմակերպիչ Եոհան Ռոլանտերի, որ մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան մասին` յատուկ գովասանքի խօսք մըն ալ ուղղելով ֆութպոլիստներուն:
Կազմակերպիչ ակադեմիան ապահոված էր բոլոր ֆութպոլիստներուն կեցութիւնը, նախաճաշը, ճաշը եւ ընթրիքը, ինչպէս նաեւ կազմակերպած էր տարբեր տեսակի խաղեր, զբաղումի յատուկ ճոխ յայտագիրներ:
Մէկ շաբաթ տեւած այս բանակավայրը յիշատակելի հետք մը ձգեց ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային պատուիրակութեան վրայ:
Կ՛ակնկալուի, որ հոն մեկնելիք լիբանանեան յաջորդ պատուիրակութիւնը աւելի մեծ թիւով տիրական ներկայութիւն մը ըլլայ` բաժակներով վերադառնալու համար Լիբանան:









