Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 24 տարեկան միջնապահ Գոռ Մալաքեան միացաւ նորաստեղծ Արարատ – Արմենիա ֆութպոլի խումբին, որ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
«Թէեւ ուքրանական քանի մը ակումբներ հետաքրքրուած էին ինձմով, սակայն եղբօրս` Էտկարի հետ խորհրդակցելով, որոշեցի ընդունիլ Արարատ-Արմենիայի առաջարկը: Ճիշդ է, որ ակումբը նոր է, բայց մեծ յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայենք անոր հետ հանդիսանալու Հայաստանի ախոյեան», ըսաւ Գոռ Մալաքեան:
Յայտնենք, որ ան հանդէս պիտի գայ թիւ 8 մարզաշապիկով:



