Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի խումբը երէկ մեկնեցաւ Սինկափուր:
Սպանացի Ունայ Էմերիի գլխաւոր խումբին հետ մեկնեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Անգլիական խումբը 26 յուլիսին բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, իսկ 28 յուլիսին պիտի կատարէ բարեկամական այլ զօրաւոր ճակատում մը` ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Արսենալ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահ Եան Զոմմերը, որ մաս կը կազմէ գերմանական Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին:
Ասոր զուգահեռ, շատ հաւանական է, որ Արսենալէն հեռանան Տաւիտ Օսփինա եւ բերդապահ Փիթըր Չեխ: Վերջինով հետաքրքրուած են Ա. Էս. Ռոմա եւ Չելսի:




