Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին գծով իր կատարած երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի նորաստեղծ խումբը նախորդ շաբաթավերջին կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Թապաղ-Թանպաք խումբէն:
3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քֆարմելքի: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, նոյն վայրին մէջ` Ռամլեթ Պայտա:



