Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ տագնապին զարգացումներն ու Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հարցով գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նախարարութիւնը նշեց, որ երկու կողմերը քննարկած են Հելսինքիի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ գումարուած վեհաժողովին լոյսին տակ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահն ու Իսրայէլի վարչապետը Փութին-Թրամփ վեհաժողովէն առաջ Սուրիոյ շուրջ գոյացուցած են փոխադարձ հասկացողութիւն մը, որուն համաձայն, Իսրայէլ «կ՛ընդունի», որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ հարաւային Սուրիոյ Տարաա, Սուէյտա եւ Քնէյթրա նահանգները եւ յանձնառու կը դառնայ 1974-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութեան, որուն դիմաց Մոսկուա կը խոստանայ Իրանը համոզել իր ուժերը պահել Սուրիա-Իսրայէլ սահմանէն առնուազն 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ կը խոստանայ չարգելակել, երբ Իսրայէլ կը ռմբակոծէ սուրիական հողերուն վրայ գտնուող «իրանեան» զէնքերու գտնուած վայրերը:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Ֆինլանտայի մէջ Փութին-Թրամփ հանդիպումին ընթացքին այս համաձայնութեան զօրակցութիւն յայտնուած է:



