Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին 22 յուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
«200 միլիոն տոլարի դիմաց տրամադրած զէնք-զինամթերքը ժամանակակից, արդիական, նոյնիսկ Ռուսիոյ սպառազինութեան մէջ չգտնուող սպառազինութիւն է», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:
2015-ին Ռուսիան եւ Հայաստանը վաւերացուցած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ Ռուսիան Հայաստանին ժամանակակից սպառազինութիւն կը մատակարարէ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելած Է
Հանրապետութեան Հարաւարեւմտեան Սահմանագօտի
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 21 յուլիսին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանագօտի, շրջած մարտական յենակէտեր, զրուցած դիրքապահ անձնակազմին հետ: Այնուհետեւ նախարար Տօնոյեան զօրամասի ղեկավար կազմին հետ քննարկած է առաջնագիծը վերազինելու հոլովոյթի շարունակականութեան վերաբերող հարցեր եւ տուած յանձնարարականներ:
Պաշտպանութեան նախարարը մարտական հերթապահութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն գրաւած խումբ մը զինուորներու խրախուսական նուէրներ յանձնած է:
Հարաւային զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է սահմանային իրավիճակի, առաջնագիծը արհեստագիտական եւ ճարտարապետական նոր լուծումներով օժտելու եւ անհրաժեշտ սարքերով համալրելու հետ կապուած շարք մը հարցերու:
Այցելութեան ընթացքին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եղած է նաեւ Մեղրի համայնք, ուր աւարտին կը մօտենայ սպայական շէնքերու շինարարութիւնը: Նախարարը շրջած է նորակառոյց շինութիւններուն մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, համապատասխան ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ քննարկած է սպաներու բնակաւորման հարցերը: Մեղրիի մէջ կառուցուող սպայական շէնքերը շահագործման պիտի յանձնուին օգոստոս 2018-ին:



