Նախագահ Բակօ Սահակեան 20 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչներու հետ` արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Քննարկուած է հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի դիւանագիտական առաքելութիւններու գործունէութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Նախագահը յանձնարարականներ տուած է արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան` քննարկուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է արտաքին գործոց նախարարութեան ամբողջ անձնակազմը` նախարարութեան հիմադրութեան 25-ամեակին առիթով` անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ղեկավար Կազմը
Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ
21 յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խոհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ կեդրոնական անձնակազմի ղեկավար կազմը եւ արտերկրի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:
Նախարար Լեւոն Մնացականեան շնորհաւորած է ներկաները արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով` մաղթելով յաջողութիւն ու նոր ձեռքբերումներ դիւանագիտական ճակատին վրայ իրականացուող պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է տագնապի գօտիին մէջ մարտավարական իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան պաշտպանական համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները:
Միտքեր փոխանակուած են միջնախարարական համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է միացեալ ջանքերու կարեւորութիւնը` հանրապետութեան անվտանգութեան խնդիրներու լուծման եւ տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակի մասին միջազգային լսարանին եւ համապատասխան միջազգային կառոյցներուն ճշգրիտ տեղեկատուութիւն հասցնելու գործին մէջ:
Հանդիպումի աւարտին նախարար Լեւոն Մնացականեան պատասխանած է պաշտպանութեան մարզին առնչուող ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:



