Անգլիական «Միրըր»-ը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթիի ղեկավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ծախու հանել միջնապահ Ռահիմ Սթերլինկը, եթէ վերջինս մինչեւ 2018-2019 տարեշրջանին աւարտը չհամաձայնի երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի 2020-ի ամրան:
Սթերլինկի կազմը կ՛ուզէ, որ ան աւելի երկար ժամկէտով մնայ խումբին հետ, այլապէս խումբը ստիպուած պիտի ըլլայ ծախել 23 տարեկան Սթերլինկը:
2018-ի մոնտիալին մասնակցած Սթերլինկ Անգլիոյ հետ կատարած է 6 մրցում, իսկ «Փրեմիեր լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան ան մասնակցեցաւ 33 մրցումի` նշանակելով 18 կոլ եւ կատարելով 11 էսիսթ:



