Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Հայրենիք-ի. Հարիւրամեայ ՀՄԸՄ-ի Տեսլականով

July 21, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարուան ՀՄԸՄ-ի Միացեալ Նահանգների, Արեւելեան շրջանի Նաւասարդեան խաղերը շատ աւելի յիշատակելի էին, նկատի ունենալով, որ այս տարի նաեւ կը նշուի ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը:

Միութիւն մը, որ արժանի է իւրայատուկ շքանշանի:

Այո՛… ՀՄԸՄ.-ի այս հարիւրամեայ շքանշանը անհատի մը տրուած չէ: Ընդհակառակը, անկէ շատ աւելի է, որ կ՛արժեւորէ շրջաններ, հունձքեր եւ սերունդներ:

Այդ հարիւրամեայ շքանշանին մէջ կայ` համեստութիւն, հաւատք, ծառայութիւն եւ մարզավայել հայորդիի տիպար:

Բնականաբար այս պատճառով է, որ մենք մեր զաւակները կը յանձնենք այս միութեան` պատրաստելու համար արի եւ վեհանձն հայորդիներ, բարձրանալու եւ անոնց հետ ալ բարձրացնելով սերունդ մը:

Այսպէս է, որ կը գործէ ՀՄԸՄ-ը:

Այս տեսլականով է, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները ստեղծեցին այս միութիւնը:

Յիշատակելի է, որ ՀՄԸՄ-ին համար անձին օրինակով գործելու հասկացողութիւնը իր ներշնչման աղբիւրը ունի` միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որ իր էութեամբ եւ ձգտումով կատարեալ եւ օրինակելի ամբողջութիւն մըն է:

Հետեւողականօրէն պատրաստուած, լաւապէս թրծուած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ջահը կը բոցավառի:

Իւրայատուկ նկարագիր կազմելու, բարոյական անաղարտ դիմագիծ կերտելու զանազան եւ զարմանազան ձեւերէն ու միջոցներէն ամէնէն աւելի հիմնականը, նոյնինքն ՀՄԸՄ-ական տիպարն է: Եւ այդ տիպարն է, որ կը մնայ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան յաջողութեան մեծագոյն գաղտնիքը:

Այս Նաւասարդեան խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Ուաշինկթընի մէջ, նոր խանդ եւ հաւատք ներշնչեցին այս հարիւրամեայ միութեան:

Դեռ այս խաղերէն ետք, յուլիս 19-29, Հայաստանի մէջ պատշաճօրէն պիտի կատարուին բազմաթիւ այլ  հանդիսութիւններ, բանակումներ, տողանցքներ, հաւաքներ եւ ձեռնարկներ` ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը նշելու համար:

Ի վերջոյ, յաղթականը հայութիւնն է եւ ՀՄԸՄ-ը:

Հովին դիմաց մերթ ինքն իր մէջ ծալուելով ու մերթ հպարտօրէն ցցուելով` կը ծածանի անոր դրօշը:

Նախորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Ազրպէյճան… Յեղափոխութի՞ւն, Թէ՞ Թատրերգութիւն

Յաջորդը

Մտորումներ` «Դրօշակ»-ի Յուլիս 13, 2018-ի «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» Յօդուածին Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.