Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Արթուր Վանեցեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, անշուշտ եթէ հայկական ակումբները այդ թեկնածութիւնը միասնական ձեւով պաշտպանեն:
Երբ անոր հարց տրուեցաւ, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը այն հարցին շուրջ, որ շատեր կ՛ուզեն այդ պաշտօնին վրայ տեսնել Եուրի Ճորքայեֆը, ան ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է աջակցելու անոր թեկնածութեան:



