Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մամլոյ քարտուղար Թոմիսլաւ Փաչաք ըսաւ, թէ 2018-ի մոնտիալին ընթացքին ազգային խումբէն հեռացուած յառաջապահ Նիքոլա Քալինիչ իր կարգին մետալ պիտի ստանայ, որովհետեւ անոր խմբակիցները ատոր համաձայն գտնուեցան:
Խմբային` Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Նիկերիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, ան հեռացուեցաւ ազգային խումբէն, որովհետեւ մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ չուզեց դաշտ ներկայանալ:



