Հայաստանի ազգային հաւաքականի համակիրներու ՖԱՖ շարժումը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նշեց, որ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ աշխարհի ախոյեան Եուրի Ճորքայեֆի թեկնածութեան, եթէ ապագային անոր թեկնածութիւնը առաջադրուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար:
ՖԱՖ-ի յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ.
«Հաշուի առնելով հայկական ֆութպոլին մէջ ակումբներուն եւ ազգային հաւաքականներուն այժմու անմխիթար վիճակը, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի փոփոխութիւնը չունէր այլընտրանք:
«Նոր նախագահի յաջորդ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին ազատ եւ արդար պայմաններու մէջ: Կ՛ակնկալենք ակումբներուն կողմէ աւելի արհեստավարժ եւ պատուախնդիր մօտեցում:
«Մենք որոշած ենք նոր ընտրութիւններուն սատարել Եուրի Ճորքայեֆի թեկնածութեան:
«Հայազգի ֆութպոլիստը արհեստավարժ է, ունի միջազգային մեծ ճանաչում, ֆութպոլին մէջ տիրացած է գրեթէ բոլոր մրցանակներուն եւ տիտղոսներուն, ունի եւրոպական մտածելակերպ եւ մօտեցում, ինչ որ շատ կարեւոր են ֆութպոլին մէջ:
«Ան իր շուրջ կրնայ համախմբել աշխարհի հայ ֆութպոլասէր հասարակութիւնը: Ատիկա կատարելով ան նոր ներդրում կ՛ունենայ հայկական ֆութպոլին մէջ:
«Յառաջիկայ սեպտեմբերին ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւններէն բացի կը սկսի նաեւ կարեւորագոյն մրցաշարքը` «Ազգերու լիկա»-ն: Յոյսով ենք, որ երկու ուղղութեամբ լաւ արդիւնքներու կը հասնինք»:



