Սուրի ծովափին վրայ գտնուող զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերը գործադրեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին դատապարտեցին Սուրի ջուրերու ապականումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած զրպարտութիւնները:
Սուրի զբօսաշրջային համալիրներու սեփականատէրերու յանձնախումբի նախագահ Նասիֆ Սրուր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պետութենէն պահանջելով պէտք եղած բոլոր քայլերուն դիմել եւ տեղեկատուական անպատասխանատու հաղորդումներուն վերջ տալ` նկատի ունենալով անոնց ունեցած հետեւանքները զբօսաշրջութեան եւ ծովափ այցելող քաղաքացիներուն ու զբօսաշրջիկներուն վրայ:
Սրուր անդրադարձաւ հարաւային Սուրի մէջ ծովափը մաքրելու եւ պէտք եղած չափանիշները պահպանելու նպատակով որդեգրուած բոլոր միջոցառումներուն, որոնք կը գործադրուին Սուրի քաղաքապետութեան հսկողութեամբ: Ան զարմանք յայտնեց, որ պետութիւնը համապատասխան հերքումներ չէ կատարած` կոչ ուղղելով կատարելու տարրալուծարանային քննութիւններ` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը եւ հաշուետուութեան կանչելու զրպարտող կողմերը:
Բողոքի ցոյցին մասնակցողներուն անունով Ալի Հիւսէյնի շեշտեց, որ այդ տարաձայնութիւններուն նպատակն է հարուածել երկրին զբօսաշրջական եղանակը եւ քաղաքին ապրած տնտեսական բարգաւաճումը, հետեւաբար այս քայլը Սուրի դէմ դաւադրութիւն մըն է:
Սուրի փոխքաղաքապետ Սալահ Սապրաուի իր կարգին հաստատեց, որ Սուրի ծովափը ապականած չէ` աւելցնելով, որ այդ ջուրերը տարրալուծարանային քննութեան ենթարկուած են, եւ փաստուած է, որ կարելի է այդ ջուրերուն մէջ լողալ:
Սապրաուի ընդգծեց, որ քաղաքապետութիւնը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի անոնց, որոնք քաղաքին տնտեսութեան գլխաւոր երակներն են:
Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզայէն իմացած է Սուրի ծովեզերեայ շրջանի ջուրերուն վրայ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքը, որ բացառիկ դրական է եւ ոչ մէկ ապականում ցոյց կու տայ: Հետեւաբար հոն կարելի է հանգիստ լողալ:



