Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար ժամկէտ մը չէ ճշդուած Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ:
Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ Սաատ Հարիրիէն վարչապետի պաշտօնը խլել` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը պէտք չէ քանդել:
Ժահժահ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին արագօրէն միջամտելու եւ փրկելու կացութիւնը` վերջ տալով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ բոլորին հետ բախումներ ստեղծելու «ֆիլմաշար»-ին:
Ժահժահ շեշտեց, որ Հարիրի իր պաշտօնէն պիտի չհրաժարի, ո՛չ ալ ճնշումներու տակ կառավարութիւն պիտի կազմէ: Ան զարմանք յայտնեց, որ ամէն անգամ, երբ երկրին կացութիւնը հանդարտեցնելու քայլեր կ՛առնուին, Պասիլ կը բռնկեցնէ կացութիւնը:
Ան խստիւ բողոքեց Պասիլի կողմէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին դէմ:
«Մենք կառչած կը մնանք Մեհրապի համաձայնութեան եւ կը յարգենք այդ համաձայնութիւնը, իսկ եթէ Պասիլ կը փափաքի այդ համաձայնութենէն հրաժարիլ, ապա ան ազատ է: Մենք կը յարգենք հանրապետութեան նախագահը եւ կը մաղթենք, որ անոր իշխանութիւնը յաջողի, սակայն Պասիլի վարուելակերպը կ՛ականահարէ ներկայ իշխանութիւնը», եզրափակեց Ժահժահ:



