Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Պրիթելի Մէջ Ձերբակալեց Թմրեցուցիչի Վտանգաւոր Մաքսանենգներ

July 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պրիթելի մէջ ձերբակալած է թմրեցուցիչի վտանգաւոր մաքսանենգներ Օ. Ս.-ն (ծնեալ` 1990-ին) եւ Հ. Ա.-ն (ծնեալ` 1988-ին):

Ձերբակալեալ յանցագործներուն վերաբերեալ նախապէս հրապարակուած են բերման գիրեր` զէնքի ուժով մարդ առեւանգելու, ոճիր գործելու, ինքնաշարժ գողնալու, կրակելու, մարդոց սպառնալու եւ թմրեցուցիչ վաճառելու յանցանքներուն համար:

Ըստ հաղորդագրութեան, տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն յատուկ խմբակ մը, երկարատեւ հետապնդումներէ ետք կրցած է ձերբակալել շատ վտանգաւոր յանցագործներ նկատուող այս երիտասարդները, որոնք մնայուն զինուած վիճակի մէջ էին:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին խմբակը կրցած է ճշդել անոնց բնակած վայրը եւ յատուկ ծրագիրով մը անակնկալ ներխուժում կատարած ու տեղւոյն վրայ ձերբակալած է զանոնք, ինչպէս նաեւ գրաւած «Էֆ. Ճէյ. Քրուզըր» տիպի գողցուած ինքնաշարժ մը, զէնք-զինամթերք եւ տարբեր տեսակի թմրեցուցիչներ:

Յանցագործները խոստովանած են, որ Պրիթելի մէջ կառուցած են հիւրասրահ մը, ուր ընդունած են թմրամոլներ եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգներ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Առանց Հարիրիի Չկայ Կառավարութիւն» Շեշտեց Սամի Ֆաթֆաթ

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.