Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններու Կարեւորութիւնը Շեշտելով` «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Եւրոպացիներու Յանձնառութեան Վերաբերեալ Գործնական Քայլերու Կարիք Ունինք» Կ՛ըսէ Զարիֆ

July 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ընդգծեց Ուաշինկթընի` Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրէն դուրս գալէն ետք Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` նշելով, որ եւրոպացիներուն այդ համաձայնութեան քաղաքական յանձնառութենէն անդին այժմ անհրաժեշտ է շօշափել անոնց գործնական քայլերը: Զարիֆ այս յայտարարութիւնը կատարեց «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Ան ըսաւ, թէ  այդ գործնական քայլերը կարեւոր են մասնաւորաբար դրամատնային գործարքներու, ներդրումներու, ուժանիւթի, փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ փոքր ու միջին հաստատութիւններու աջակցութեան ծիրին մէջ:

Խօսելով Հելսինքիի մէջ Թրամփ-Փութին վեհաժողովին եւ Սուրիոյ հարցին շուրջ գոյացած որոշ մերձեցումին մասին` Զարիֆ յայտնեց. «Սուրիոյ ճակատագիրը պէտք է երկրին բնակչութիւնը ճշդէ»:

«Մենք պահպանեցինք Ռուսիոյ եւ սուրիական կառավարութեան հետ լաւ համակարգումն ու լաւ յարաբերութիւնները, եւ պիտի շարունակենք այդ ընթացքը: Երեք կողմերուն ընդհանուր նպատակը ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարն է», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Անդրադառնալով Հելսինքիի մէջ Թրամփի այն խօսքին, թէ Իրան պէտք չէ օգտուի ՏԱՀԵՇ-ի ձախողութենէն, Զարիֆ ըսաւ. «Այդ կեցուածքը կը հաստատէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն նկատմամբ ամերիկեան աջակցութիւնը, եւ արեւմտեան աղբիւրները ունին փաստեր, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան այդ աջակցութիւնը»:

«ՏԱՀԵՇ-ի եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներուն ամերիկեան զէնքեր օգտագործելը այդ փաստաթուղթերէն մէկն է», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Աւելի Քան 21 Միլիոն Տոլար Պիտի Ծախսեն Երուսաղէմի Մէջ Իրենց Դեսպանատան Կառուցման Համար

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Ռուսիա Կը Կրճատեն Իրենց Հիւլէական Զինանոցները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.