Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Դատարանը Դարձեալ Մերժած Է Ազատ Արձակել Երկու Յոյն Զինուորները

July 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական դատարանը դարձեալ մերժած է ազատ արձակել երկու յոյն զինուորները, որոնք ամիսներ առաջ մոլորած էին ու սխալմամբ անցած թուրք-յունական սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը:

Յայտնի է, որ այս տարուան 1 մարտին թրքական սահմանը կտրած յոյն զինուորներ Անկելոս Միթրեթոտիս եւ Տիմիթրիս Քուքլազիս պիտի շարունակեն մնալ թրքական Էտիրնէ նահանգի բանտին մէջ:

Սակայն զինուորականներու փաստաբանները պնդած են, որ Միթրեթոտիսն ու Քուքլազիսը սահմանը կտրած են ոչ դիտաւորեալ կերպով, եւ անոնց դէմ առաջադրուած լրտեսութեան մեղադրանքը անհիմն է:

Զինուորները դարձեալ դատարանի առջեւ պիտի կանգնին 30 օր ետք:

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս նախապէս Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր ազատ արձակելու յոյն զինուորները:

Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրիս Ցանաքոփուլոսն ալ յայտարարած էր, թէ Թուրքիան այլեւս «կը կտրէ արտօնելիի գիծը»` շարունակելով մերժել վերադարձնել թուրք-յունական սահմանը կտրած երկու յոյն զինուորները:

Նախորդը

Գերմանիա. «Թուրքիոյ Մէջ Յեղաշրջման Փորձին Հետ Կիւլենի Կապը Ապացուցուած Չէ»

Յաջորդը

Հնդկաստանի Մէջ Ողողումներու Պատճառով Արձանագրուած Է 511 Զոհ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.