Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեզի Պէտք Չեն Այդպիսի Պաշտօնեաներ

July 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայաստանի կառավարութեան մէջ յատկապէս բարձր պաշտօններ գրաւողները պարտաւոր են զգուշաւոր ըլլալ իրենց արտայայտութեանց մէջ, մասնաւորաբար պէտք է խուսափին մեր ժողովուրդին կողմէ սրբազան նկատուած արժէքներ նսեմացնելու, վիրաւորելու վարքագիծէն: Ժողովրդային շարժման ալիքով իշխանութեան հասած խումբին հետ պաշտօնի տիրացածները առաւել եւս պարտաւոր են շրջահայեաց ըլլալ եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար չարտասանել խօսքեր, որոնք կրնան ընդվզեցնել հայ մարդը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` սփիւռքի տարածքին:

Մեզի համար, օրինակ, անընդունելի է եւ դատապարտելի փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի մամլոյ խօսնակ Կարպիս Փաշոյեանի «Սիվիլնեթ»-ի եթերէն ունեցած արտայայտութիւնը, թէ` «Շատ են շահարկում «Ապրիլեան պատերազմի ատեն (զոհուած-Խմբ.) տղաների անունները, թողնենք նրանց մի փոքր հանգիստ: Ռոբերտ Աբաջեանը` մանկահասակ դէմքով տղան, երեւի այդ պահին չի էլ հասկացել` ինչ է կատարւում: Թողնենք մի փոքր հանգիստ: Ընդամէնը 18 տարեկան տղայ… Ինձ թւում է չարժէ շահարկել այդքան նրանց անունները»:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեանը շատ նրբօրէն յանդիմանած է ի պաշտօնէ փոխվարչապետի հեղինակութեան հանդէպ բարձրագոյն պատասխանատուութիւն դրսեւորելու յանձնառութիւնը ունեցող մամլոյ խօսնակ Փաշոյեանը` «ցաւալի» որակելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Ռոպէրթ Աբաջեանի գիտակցուած անձնազոհութիւնը հարցականի ենթարկելու վերաբերմունքը:

«Աւելի՛ն. դա անյարգալից վերաբերմունք է ոչ միայն մեր հերոս նահատակների յիշատակի, այլեւ` բոլոր այն ապրողների հանդէպ, ովքեր նոյն կամ գուցէ մէկ այլ խրամատում հաւասարապէս պաշտպանել եւ պաշտպանում են բոլորիս, այդ թւում` նաեւ Աբաջեանի հերոսութիւնը կասկածի տակ դնողների անվտանգութիւնը», ըսած է Լ. Մնացականեանը:

Ուրախ ենք, որ Կարպիս Փաշոյեանը որոշած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Կը նախընտրէինք, որ ան հեռացուէր իր ղեկավարին կողմէ` յաւելեալ իբրեւ ապացոյց, որ ան չի բաժներ իր խօսնակին կարծիքը, որ նոյնիսկ իր հրաժարականին մէջ «ռազմահայրենասիրական շիզոֆրենիա»-ի դրսեւորում կը նկատէ իրեն հանդէպ եղած քննադատութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ընկճուածութիւն – Ընկճախտ Depression

Յաջորդը

Արամի Պատգամը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.