Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Ֆութպոլ

July 17, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն ինչ քաղաքական պրիսմակէ դիտելու կամ տարբեր ոլորտներու իւրաքանչիւր գործընթաց քաղաքականօրէն մեկնաբանելու համատարած երեւոյթը ֆութպոլի համաշխարհային մրցաշարքին առիթով ինքզինք աւելի տիրական դարձուց: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն առընթեր ընկերային ցանցերը եւս գերյագեցած էին մեկնաբանութիւններով, ծաղրանկարներով, իւրաքանչիւր մրցումի արդիւնքին հետեւող քաղաքական վերլուծումներով:

Այս բոլորը առատ էին եւ օրինաչափ` այսօրուան համակարգի տրամաբանութիւններն ու զարգացման միտումները նկատի ունենալով: Առընթեր` միջազգային ամենալուրջ ու հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ո՛չ միայն մարզական, այլ նաեւ քաղաքական խմբագիրները հետեւութիւններ կը կատարէին այս բոլորի մասին:

Կային եւ դեռ կան անշուշտ քաղաքականօրէն մեկնաբանելի իրադրութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը պէտք է լոյսին բերել` նկատի ունենալով, որ վարագոյրը իջած է արդէն խաղադաշտերուն վրայ, այսուհանդերձ կը թուի, որ քաղաքական վերլուծումները պիտի շարունակեն պահել իրենց հնչեղութիւնը:

Նախ անշուշտ կազմակերպիչ երկրի խնդրայարոյց կարգավիճակը: Տնտեսաքաղաքական մեկուսացման  ենթարկուած Ռուսիան նախագահական բարձրագոյն մակարդակի վրայ յատուկ քաղաքականութիւն մշակած էր եւ կիրարկած իր երկրի դիմագիծը ամենափայլուն տեսքով ցոյց տալու աշխարհին: Ռուսիոյ ազգային խումբի յաջողութեան առաջադրանքէն աւելի Ռուսիոյ կարեւորագոյն փորձաքարն էր ներկայ ժամանակներուն մէջ ամենակազմակերպ կատարողականութեամբ հանդէս գալը:

Եւ պէտք է պատկերացնել, թէ ինչ պիւտճէներու մասին է խօսքը` խաղադաշտերու, կեցութեան, փոխադրութեան պայմաններու, տարբեր ազգերէ համակիր զանգուածներ ընդունելու, մարզական միջազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցչութիւններէ մինչեւ պետական բարձրագոյն պաշտօններ զբաղեցնող անձնաւորութիւններ հիւրընկալելու եւ ամիս մը ամբողջ այս բոլորի ապահովութիւնը ստանձնելու:

Միայն այն փաստը, որ արտառոց որեւէ միջադէպ չարձանագրուեցաւ կամ ապահովական որեւէ ցնցում տեղի չունեցաւ այս բոլորի ընթացքին, Մոսկուային կու տայ կարեւոր առաւել մը:

Յայտնաբար  մեկուսացման միջազգային քաղաքականութիւնը ամբողջական չէր, որովհետեւ տնտեսական պատժամիջոցներուն կրնային ընկերակցիլ նաեւ մարզական մրցաշարքը խափանելու միջազգային այլ որոշումներ, եթէ կիրարկուէր ամբողջական մեկուսացումի մօտեցումը:

Պատահեցաւ նաեւ այնպէս, որ յատկապէս այս վերջին շրջանին որոշակիօրէն փոփոխութեան ենթարկուեցան Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւնները, եւ փաստօրէն ֆութպոլի աւարտականի յաջորդ օրն իսկ կը կայանար հելսինքեան այնքան սպասուած միջնախագահական հանդիպումը: Ռուսական եւ ամերիկեան ջութակներու լարերը ներդաշնակելու նախադրեալներ կը պարզուին: Ֆութպոլի համաշխարհային մրցումի աւարտին եւ հելսինքեան հանդիպումի նախօրեակին նախագահ Թրամփ թուիթըրեան իր էջով կը շնորհաւորէ Մոսկուան, այս բոլորի բարձր կազմակերպման առիթով:

Միջազգային քաղաքականութեան կեդրոնացում խլած այլ ուղղութիւն մը այս առիթով բաւական մելան հոսեցուց եւ ելեկտրոնային տարածքներ նուաճեց:

Խնդիրը կը վերաբերէր գաղթականական միջազգային ալիքին: Արդէն ախոյեան խումբի բաղադրիչ տարրերու ծագումները նկատի ունենալով դիտարկումները անմիջապէս կը կեդրոնանային Ֆրանսայի ազգային խումբի կարեւոր հատուածի ծագումնաբանութեան վրայ` ընդգծելու համար, որ գաղթականական ալիքը խումբին շնորհեց աշխարհի ախոյեան ըլլալու հանգամանքը:

Հիմա բնականաբար նժարի վրայ կը դրուին բոլոր այն ոլորտները, ուր հասարակութեան գաղթական խաւը բերած է կարեւոր նպաստ եւ պատճառ հանդիսացած նոր նշաձողերու ապահովման, մինչ բանավէճերը կը թէժանան նժարին միւս կողմերու ներկայացումով: Հիմնականին մէջ այստեղ եւս քաղաքական մօտեցումները կը գերիշխեն եւ յաջողութիւններ կը վերագրուին գաղթականները ընդունած իրերայաջորդ իշխանութիւններուն, կամ` տնտեսական տագնապներու յաղթահարման փորձերը կը վերագրուին գաղթականներու ներհոսքը արգելակած իրերայաջորդ այլ տեսակի իշխանութիւններուն:

Ամփոփիչ պատկերը ֆութպոլի համաշխարհային մրցոյթին այն է, որ լատինամերիկեան բեւեռը 2018-ին զիջեցաւ եւրոպական ցամաքամասին եւ որոշ փուլէ ետք մոնտիալը վերածուեցաւ ըստ էութեան եուրոյի: Աւելի ճիշդը, ափրիկեան գոյներով բնութագրուող եուրոյի: Զուգահեռ` երեւցաւ նաեւ ապամեկուսացման փորձ կատարելու մէջ կազմակերպական փայլուն կատարողականութեամբ հանդէս եկած Մոսկուան:

Հերթը Քաթարին է: Այն Տոհային, որ ենթարկուած էր Ռիատի մեկուսացման քաղաքականութեան, դիւանագիտական սուր տագնապներէ ետք տակաւ վերագտած իր տնտեսական դերակատարութիւնը: Տոհան, որ այս անգամ մեկուսացման ենթարկուող այլ երկրի` Իրանի հետ կը կիրարկէ բնականոն յարաբերութիւններ եւ որ անպայման իր նախորդին նման պիտի աշխատի ֆութպոլը օգտագործել լիարժէք`  քաղաքական հարցեր լուծելու ճանապարհին:

«Ա.»

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Պիտի Ընէ Ամէն Ինչ` Նուիրատուներու Գումարները Իրենց Նպատակներուն Հասցնելու Համար

Յաջորդը

«Ուու-Սքորտ»-ի Համաձայն` 2018-ի Մոնտիալին Խորհրդանշական Հաւաքականը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.