Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ահլի Սայտայի ճատրակի ակադեմիային, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Սայտայի միջազգային 2-րդ տարիքային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 85 խաղացողներու Պաղեստինէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն:
Տիտղոսին (գլխաւոր մրցաշարքը) տիրացաւ Ահլի Սայտա ակադեմիային մաս կազմող Ատիպ Արքատան, որ ապահովեց 7,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն:
Երկրորդ հանդիսացաւ Յորդանանէն Եազան Պշայրա (7,5 կէտ), իսկ երրորդ` Ժաուատ Ֆարհաթ (Լիբանան, 7 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



