Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբեր կատարեցին բարեկամական մրցումներ:
Ղազիէի դաշտին վրայ, Սաֆա, որ հիւրը եղաւ Շապապ Ղազիէի, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հասան Հազիմէ եւ Մոհամետ Մոհամետ նշանակեցին Սաֆայի կոլերը, իսկ Իմատ Ղատտար` Ղազիէի կոլը:
Այս մրցումին Սաֆա մրցեցաւ առանց իր օտարական մարզիկներուն, մինչ Ղազիէ դաշտ ներկայացուց յետսապահ Քարան (Փղոսկրեայ Ափունք), որ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ:
ՄԸՐՏԵՇԻԷԻ մէջ, Սալամ Զղարթա, որ հիւրընկալեց Թրիփոլին, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Սալամի կոլը նշանակեց Ամատու Նիազ (Մաւրիտանիա), իսկ Թրիփոլիի կոլը` երիտասարդ ֆութպոլիստ Հասան Հայեք:



