Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, որ եթէ Մըքքենզիի ծրագիրը գործադրուի, ապա անիկա պիտի օժանդակէ, որ Լիբանանի մէջ աճը բարձրանայ, եւ ատիկա ներկայ իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան համար յաջողութիւն կը նկատուի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ եթէ հաշիշի ցանքին թղթածրարը սերտուի, ապա կարելի է քանի մը ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ հաշիշ ցանելը օրինականացնել:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով պահանջուած է որդեգրել յստակ կանոններ ու չափանիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մաքասետ իսլամական բարեսիրական միութեան պատկանող դպրոցներուն տնօրէններն ու ուսուցիչները, որոնք կոչ ուղղեցին անոր վերաբանալու Աքքարի եւ այլ շրջաններու դպրոցները, ինչպէս էր պարագան Պէյրութի Խատիժայի անուան դպրոցին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ստորագրուած Մեհրապի համաձայնագիրին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծելու համար պէտք է սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով յապաղում կ՛արձանագրուի` նախարարութիւններու բաժանման վերաբերող պայքարին պատճառով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ հաստատեց, որ իրենք խորհրդարանը բաղկացնող հիմնական տարրերէն են` աւելցնելով, որ իրենք եւս պէտք է կառավարութեան մէջ ներկայացուին:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Անթուան Իքլիմոս շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը պէտք է հաշտուին իրարու հետ` նկատի ունենալով Լիբանանի գերագոյն շահերը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա ընկերային-տնտեսական ծրագիր մը մշակելու աշխատանքի ընթացքին մէջ է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք այսօր պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ իշխանին հետ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը կախեալ կը մնայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ստանալիք նախարարութիւններուն քանակէն:

Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած իւրաքանչիւր օրուան յապաղումը կը բազմապատկէ երկրին կրելիք վնասները, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծած են, թէ վարչապետը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հրատարակուող «Խալիժ» օրաթերթը շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ինքզինք զանց կացուցելու կեցուածքը պէտք է գործադրէ` արգիլելով Հըզպալլայի արտաքին միջամտութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մտադրած է Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը իրեն յատկացուած նախարարներուն բաժինին մէջ նկատի ունենալ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ցուցաբերած է բաւական մեծ ճկունութիւն` ապահովել կարենալու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երաշխաւորող ելքեր:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու Բանակցած Է Թրամփի Հետ

Յաջորդը

Ֆուշէ. «Ելեկտրականութեան Տագնապին Ստեղծած Նիւթական Բացը Զերոյի Պիտի Հասնի «Սետր»-ի Ծրագիրին Գործադրման Պարագային»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.